Արցախի մէջ զոհուած է 19 տարեկան զինծառայող: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊԲ-ն: Կը նշուի, որ հակառակորդի կողմէ մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է 1997-ի ծնունդ Արման Ալիկի Ղանտիլեան: Զինուորը զոհուած է 7 սեպտեմբերին, ժամը 1:30-ի կողմերը:
ԼՂՀ ՊՆ-ի հաղորդմամբ, անցած գիշեր Ազրպէյճան հրադադարը խախտուած է շուրջ 30 անգամ, հայկական դիրքերու վրայ արձակելով 370 կրակոց:
Զինծառայողի մահուան դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: