image

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Աստուածածնայ Տօնին Առթիւ Պատգամ Պիտի Տայ Պիքֆայայի Մէջ

Արամ Ա.  Վեհափառ  Հայրապետը Սուրբ Աստուածածնայ Տօնին Առթիւ Պատգամ  Պիտի Տայ  Պիքֆայայի Մէջ

Լիբանան- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկայ  Շաբաթ օր    Պիքֆայայի մէջ տեղի ունենալիք  Սուրբ Պատարագի  աւարտին պատգամ   պիտի տայ:  Այս մասին կը հաղորդեն Անթիլիասի կաթողիկոսարանի   աղբիւրները: Նշենք, որ       այդ օր  կը զուգադիպի Պիքֆայայի եկեղեցւոյ  անուան ՝ Սուրբ  Աստուածածնայ տօնին  եւ   այդ առթիւ նոյնպէս  պիտի կատարուի  մատաղօրհնէք եւ խաղօղօրհնէք:  Սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ   Ֆրանսայի   Թեմի առաջնորդ ՝Տ. Վահան Եպս.  Յովհաննիսեան: