Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Արա Խզմալեանի, հանդիպումներ կ'ունենայ Լիբանանի հոգեւոր կեդրոններու, հայագիտական հաստատութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու առաջնորդներու, ղեկավարներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Յագեցած օրակարգը նշանաւորուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի հետ հանդիպմամբ: Վեհափառ Հայրապետը ողջունած է պատուիրակութիւնը եւ յայտնած իր պատրաստակամութիւնը համակողմանիօրէն խորացնելու Մատենադարանի հետ կաթողիկոսութեան համագործակցութիւնը: Արա Խզմալեան մասնաւորապէս ներկայացուցած է աշխարհասփիւռ հայ գրաւոր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման ոլորտի ու հայագիտութեան զարգացման բնագաւառի մէջ Մատենադարանի առաջիկայ ծրագիրները, որոնք արժանացած են Հայրապետի հաւանութեան: Արամ Ա. ընդգծած է համահայկական միասնականութեան ձեւաւորման գործին մէջ Մատենադարանի բացառիկ առաքելութիւնը:
Հանդիպման ներկայ եղած է Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեան: