image

Ապաքինման մաղթանք՝ Գէորգ Տաղլեանին

Ապաքինման մաղթանք՝ Գէորգ Տաղլեանին

«Արեւելք»ի  հետեւորդներէն Պէյրութահայ Գէորգ Տաղլեան  օրերս սրտի տագնապ մը անցուցած է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  Պէյրութէն։ 

Աւելի ուշ  կապ   պահեցինք մեր  հայրենակիցին  հետ  (որ ի դէպ   մեր հաւատարիմ  հետեւորդներէն է), որ պատմեց  այն ծանր վիճակին մասին որմէ անցած է ան։

Տօնական  օրերերէն անմիջապէս ետք  Գէորգ (որ նաեւ հիւանդանոցի  աշխատակից է)  սրտի հատուածին ցաւեր զգացած է եւ  բժիշկներու   յորդորով  երեք օր  մնացած է բժիշկներու խնամքին ներքոյ։

Օրին  խուսափած է     հանրայնացնել իր վիճակը եւ  շատ  դժուար  փորձերէ ետք միայն  «Արեւելք»ին պատմեց իր  վիճակին մասին։

Ամբողջական  ապաքինում կը մաղթենք մեր հայրենակիցին, որ ինչպէս հարիւրաւոր  լիբանանցի երիտասարդներ յայտնուած են   ծանրագոյն  վիճակներու մէջ եւ  գին ինչ-ինչ  զոհողութիւններու կը փորձեն ոտքի մնալ ու  լաւագոյնս ընել իրենց  ընտանիքներուն համար։

Պէյրութի մէջ տնտեսական բարդ  վիճակները  իրենց   ցաւագին հարուածները կը հասցնեն նաեւ լիբանանահայ  միջակ  խաւերուն, որ հիմնականանին մէջ կը հանդիսանան  հայագաղութի  ամէնէն նուիրեալ ու պատրաստակամ հատուածները։

Վերջին խօսքը՝ լիառատ առողջութիւն կը մաղթենք սիրելի Գէորգին։