Համաշխարհային ցանցահէններու Anonymous միաւորումը You Tube ցանցին վրայ տեսանիւթ մը հրապարակած է, որուն մէջ կոչ ուղղած է Լիբանանցի երիտասրդներու շարունակելու իրենց պայքարը երկրի իշխանութիւններուն դէմ: Anonymous-ի բանբերը նաեւ ըսած է, որ ցանկացած յեղափոխութեան յաջողութեան համար աքթիւիսթները պէտք է հրաժարին ղեկավար մը ունենալէ, որովհետեւ այդ ղեկավարը կրնայ յաջորդ հանգրուանին իրենց դէմ հանդէս գալ: Նշենք, որ Լիբանանցի աքթիւիսթները կը պատարստուին վաղը 29 Օգոստոսին բողոքի մեծ հաւաք մը կայացնել Պէյրութի «Նահատակաց հրապարակ»ին վրայ: