image

Անգարայի Պայթումին Կայ Հայ Վիրաւոր Մը ` Րուտի Սայաթ Փոլատեան

Անգարայի Պայթումին  Կայ Հայ Վիրաւոր Մը ` Րուտի Սայաթ Փոլատեան

Թուրքիա- Անգարայի մէջ այսօր  արձանագրուած  պայթումին   հետեւանքով   նաեւ հայ մը վիրաւորուած է: Վիրաւորեալը կը կոչուի Րուտի Սայաթ Փուլատեան: 21 Տարեկան Փոլատեան պոլսահայ  է,  ան ներկայիս    կ'ուսանի Անգարայի  Արեւելեան համալսարանի պատմութեան   հիմնարկէն ներս:   «Արեւելք»ի Անգարայի  աղբիւրէն ստացանք լուրը, եւ  մեզի վստահելի աղբիւրը յայտնեց,  որ  Րուտիի  վիճակը լաւ է,  ան կը գտնուի  «Կէզի գնացի  Գիծերու» անունը կրող հիւանդանոցէն ներս: Վնասուած է   անոր ոտքը,     շրջան մը հիւանդանոց պիտի մնայ  համապատասխան բուժումներ ստանալու համար: Նշենք, որ այսօրուան     պայթումին հետեւանքով   զոհերուն թիւը    հասած  86-ի,  իսկ վիրաւորեալներունը ՝   186-ի: Վիրաւորեալ Րուտիի   լուսանկարը  «Արեւելք»ի: