Թուրքիա- Թուրքիոյ մեր աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Անգարայի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան նախկին զինուորական կցորդ, հայազգի Նուրհան Ժոզէֆովիչ նշած է իր ծննդեան 100-րդ տարեդարձը: Հայ զինուորականը, որ հանգստեան կոչուելէ ետք հաստատուած է Հռոմ, օրեր առաջ մեկնած է Պոլիս, ուր իր ազգականներուն կողմէ ընդունուելէ ետք իմացած է իրեն համար պատրաստուած անակնկալին մասին եւ բոլորով մէկ նշած են իր ծննդեան տարեդարձը: Նուրհան Ժոզէֆովիչ ծնած է Պոլսոյ Օրթագիւղ (Միջագիւղ) շրջանը 1915 թուականին: Նուրհանի հայրը եղած է Օսմանեան կայսրութեան շրջանի յայտնի գլխարկի` «ֆէս»ի արտադրութեամբ զբաղուող գործարար: Հայ դիւանագէտը 51 տարի ծառայած է Անգարայի Իտալիոյ դեսպանատան մէջ` զբաղեցնելով տարբեր մակարդակի պաշտօններ, որոնց վերջինը եղած է դեսպանատան զինուորական կցորդի պաշտօնը: Ան կարեւոր դեր ունեցած է ՆԱԹՕ-Թուրքիա յարաբերութեանց ծիրին մէջ եւ իր կատարած բազում ծառայութիւններուն համար Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ արժանացած է ՝ «Սինեոր» կոչման: Սինեոր Նուրհան Ժոզէֆովիչ Պոլսահայ լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի մօրեղբայրն է: