image

ԱՄՆ կը պատրաստուի 1 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք վաճառել Մարոքին

ԱՄՆ կը պատրաստուի 1 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք վաճառել Մարոքին

 

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի վարչակազմը Քոնկրէսին տեղեկացուցած է Մարոքին անօդաչու սարքերու (ԱԹՍ) եւ ճշգրիտ ղեկավարուող զէնքի հնարաւոր վաճառքի մասին, գրած է Reuters լրատուական գործակալութիւնը՝ սեփական իրազեկ աղբիւրներուն յղումով։

Ըստ աղբիւրին՝ նախատեսուող գործարքը կը գնահատուի 1 միլիառ ԱՄՆ միլիառ:

Ըստ ծանուցագրերու բովանդակութեան իրազեկ աղբիւրներու՝ վաճառքի ցուցակին մէջ ներառուած են չորս MQ-9B SeaGuardian հետախուզական անօդաչու սարք, Hellfire կառավարող հրթիռներ, ինչպէս նաեւ Paveway եւ JDAM ղեկավարող օդային ռումբեր:

Յիշեցնենք՝ դեռ հինգշաբթի օր Թրամբ յայտարարած էր, որ Իսրայէլը եւ Մարոքը պայմանաւորուած են լիարժէք դիւանագիտական յարաբերութիւններու շուրջ, եւ այն անուանած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հսկայական ձեռքբերում: Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն, իր հերթին, ըսած էր, որ Իսրայէլն ու Մարոքը քրտնաջան կ'աշխատին հնարաւորինս շուտ լիարժէք դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ ուղիղ թռիչքներ հաստատելու ուղղութեամբ:

Աւելին՝ նոյն օրը Սպիտակ տան ղեկավարը տեղեկացուցած էր նաեւ այն մասին, որ ստորագրած է «Սահրա ալ ղարպիա» (Արեւմտեան  անապատ) շրջանի նկատմամբ Մարոքի ինքնիշխանութիւնը ճանչցող հռչակագիր:

«Սահրա ալ ղարպիա» (Արեւմտեան  անապատ) շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը քանի մը տասնամեակ է միջազգային վէճի առարկայ դարձած է: 1970-ականներու կէսերուն ստեղծուած «Ֆրոնթ Փոլիսարիո»ն (Սակուա ալ Համրայի եւ Ռիո տե Օրոյի ազատագրման ժողովրդական ճակատ) տարածաշրջանին մէջ անկախութեան կը ձգտի։ Այն սպանացի գաղութարարներու հեռանալէն ետք հռչակուած է Անապատի Արաբական ժողովրդավարական հանրապետութիւն եւ Ալժիրի աջակցութեամբ սկսած է զինուած պայքար մղել: Հակամարտութեան գօտիին վրայ մարտերը շարունակուած են մինչեւ 1991 թուականը եւ դադրած են միայն այն բանէ ետք, երբ ՄԱԿ-ը տարածաշրջան խաղաղապահ առաքելութիւն ուղարկած է:

 Հակառակ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ խաղաղարար նախաձեռնութիւններուն, այս վէճը դեռ լուծուած չէ: Մարոքը «Սահրա ալ ղարպիա» (Արեւմտեան  անապատ) շրջանը կը համարէ իր անբաժանելի մասը եւ թոյլ կու տայ միայն անոր լայն ինքնավարութիւն տրամադրել: 2007-ի յունիսէն Մարոքը եւ Ֆրոնթ Փոլիսարիոն բանակցութիւններու չորս փուլ իրականացուցած են որոնք բոլորն ալ որեւէ արդիւնքի չեն յանգած։