Քիւրտիստան- Ամերիկեան ուժեր նոր զօրակայան մը հիմնադրած են Իրպիլի մէջ: Այս մասին գրած է քրտական Rudaw.net կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ զօրակայանի նպատակը պիտի ըլլայ համագործակցութիւն ստեղծել Պաղտատի ամերիկեան կեդրոնին հետ եւ զինուորական ծրագրեր պատրաստել ISIS-ի յատկապէս Նինուէ եւ Մուսէլ շրջաններուն ուղղութեամբ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ զօրակայանին մէջ կան 3500 ամերիացի մասնագէտներ, որոնք պիտի հսկեն Բէշմարքային եւ Իրաքեան Սիւննի ջոկատներուն տրամադրուելիք մարզումներու գործընթացին: