image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ նոյնպէս գոհ է Ամերիկայէն

Ալիեւ նոյնպէս գոհ է Ամերիկայէն

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհաւորական նամակ ուղարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին 4 յուլիսի՝ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան առիթով։ Այս մասին տեղեկացուցա են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ատրպէյճանի նախագահը ի թիւս այլոց ընդգծած է «արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը ուժանիւթի ոլորտի մէջ» եւ աջակցութիւնը Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու կարգաւորման։

«Միացեալ Նահանգները բոլոր փուլերուն վճռականօրէն եւ հետեւողականօրէն աջակցած է Ատրպէյճանի ուժանիւթային ռազմավարութեան։ Մենք յատկապէս կը գնահատենք մեր երկիրներու սերտ համագործակցութիւնը ուժանիւթային անվտանգութեան ապահովման գործին, Միացեալ Նահանգներու համակողմանի աջակցութիւնը մեր կողմէ իրականացուող մաշտապային անդրազգային նախագիծերուն։

Ներկայիս ձեւաւորուած են նպաստաւոր պայմաններ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար։ Մենք բարձր կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու ջանքերը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին, խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստման գործընթացին՝ միջազգային իրաւունքի նորմերու եւ չափանիշերու հիման վրայ»,- նշուած է շնորհաւորանքին մէջ։