Շաբաթ, 12 նոյեմբերին Ախէնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տեղւոյն Կաթոլիկ Առաջնորդութան նորընտիր եպիսկոպոս գերպ. Հելմութ Տիզէրի գահակալութիւնը։ Այս մասին կը յայտնէ «Նոր Յառաջ»՝ վկայակոչելով Քէօլնի առաջնորդական դիւանի հաղորդագրութիւնը: Հանդիսաւոր արարողութեանց մասնակցեցաւ նաեւ Թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեան։ Սրբազան հայրը շնորհաւորեց նորընտիր Եպիսկոպոսը, մաղթելով, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը իր ուղեկիցն ըլլայ՝ նոր եւ պատասխանատու պաշտօնին մէջ։ Գարեգին Սրբազանին կ՚ընկերակցէին Հրաչ քհն. Պիլիճիեան եւ Վանանդ սրկ. Պաղտասարեան։