image
Հրատապ լուրեր:

Ահաբեկիչները «Ժամիլիյէ»ն հարուածելով կ՚ուզեն Հալէպը անդամալուծել. Հալէպահայ Լեւոն Ափոշեան

Ահաբեկիչները «Ժամիլիյէ»ն հարուածելով կ՚ուզեն Հալէպը անդամալուծել. Հալէպահայ Լեւոն Ափոշեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ Լեւոն Ափոշեանը:

 

-Ինչպիսի՞ն է այսօր Հալէպի վիճակը։

Այս օրերուն Հալէպի վիճակը, ապահովական առումով, ամէն շրջան տեսակ մըն է՝ կայուն, կէս-կայուն, անկայուն, յայտնի չէ: Շրջաններ կան, ուր դեռ պատերազմը չէ վերջացած, միշտ հրթիռներ կ'իյնան։ Ինչպէս գիտէք, «Հալապ ժատիտէ»ի կողմը, ուր «Հայ Ալ Ռաշիտին»ի կամ «Լեյրամուն»ի կողմէն ահաբեկիչ- զինեալները հրթիռներ կը նետեն... Երկուշաբթի օր օրինակ «Ժամիլիյէ» շրջանը հարուածեցին: Ինչ կը վերաբերի տնտեսականին, ներկայիս շատ ծանր է վիճակը, անգործութիւն, սղութիւն, ժողովուրդը դժուարաւ կը հասնի իր պէտքերուն, շատ- շատ դժուար եղաւ Հալէպի մէջ ապրիլը, ապրուստ  ապահովելը ընտանիք ունեցողին համար, մանաւանդ պաշտօնեայ կամ գործաւոր դասակարգին համար շատ դժուար եղաւ, գրեթէ անկարելի ...: Եւ այս վիճակին մէջ, երբ այսպէս հրթիռներ ալ կ'իյնան, ժողովուրդին տրամադրութիւնը անշուշտ կը քանդուի:

 

-Այս հարուածի տակ  եղող շրջանները ինչքանո՞վ մօտ են հայկական շրջաններուն, ի՞նչ կրնաք ըսել այս առումով:


Հարուածուած շրջանները հայկական շրջաններէն բաւական հեռու են, բայց «Ժամիլիյէ»ի շրջանը շատ մեծ եւ շատ կարեւոր շուկայ է Հալէպի համար, ուղղակի արհեստագիտութեան սիրտն է, համակարգիչներու, բջիջային հեռախօսներու կամ արդի արհեստագիտութեան կեդրոնն է, հետեւաբար այնտեղ եռուզերը շատ շատ է, շատ խանութներ կան, տուներ կան,  մարդաշատ  շրջան է , կրնամ ըսել  Հալէպի սիրտն է ուղղակի։  Այս  բոլորէն   պէտք է հասկնալ, որ  երբ «Ժամիլիյէ»ն  կը զառնուի, եռուզերը կը կենայ, գործը կը կենայ, ըսել է թէ Հալէպը ամբողջ կը կ՚անդամալուծուի...  ըսեմ նաեւ, որ  այս շրջանները  հայահոծ  մեր շրջաններէն շատ հեռու են,  բայց ատի կապ չունի,  երբ Հալէպ կը բնակիս ու ցանկացած հեռու կամ մօտիկ շրջան կրակի տակ կ՚ըլլայ, դուն ալ  անհանգիստ   եւ մտահոգ կը դառնաս...։


-Շատեր կ'ըսեն, որ ընդդիմադիր զինեալները նեղ կացութեան մատնուած են, ատոր համար է, որ կը հարուածեն Հալէպի քաղաքային բնակչութեան շրջանները: Ինչքանո՞վ ճիշդ է այս  ենթադրութիւնը:


Ես չեմ հաւատար, որ զինեալները նեղ կացութեան մատնուած են, որովհետեւ պատերազմ չկայ: Իմ կարծիքս այն է, որ այլեւս զինեալ պատերազմով հող պիտի չառնուի, այլ միայն համաձայնութեամբ: Մեծ ուժեր կը տիրեն այլեւս Սուրիոյ մէջ՝ Ռուսիա, Թուրքիա, Ամերիկա, Իրան  եւ խօսքը ասոնց է, անոնք ինչպէս որոշեն, այդպէս կ'ըլլայ: Ես կը կարծեմ, որ եթէ զնեալներուն տիրապետութեան տակ գտնուող շրջանները Սուրիոյ զօրքին պիտի անցնին, ապա այդ մէկը համաձայնութեամբ մը պիտի ըլլայ: Հետեւաբար, զինեալներու կողմէ այս եղած հրթիռակոծումներն ալ, ես կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ գործադրած ճնշման արդիւնքն է, այսինքն Թուրքիան միշտ ըսել կ'ուզէ, որ ես ներկայ եմ, երբ որ ուզեմ Հալէպը կրնամ քանդել:


-Հալէպահայութեան հոգեբանական իրավիճակը ինչպէ՞ս է: Մտահո՞գ են այս հրթիռարձակումներէն ետք, ի՞նչ կը խօսուի քաղաքին մէջ:


Հայութեան վիճակը եթէ նախորդ տարիներուն հետ պիտի բաղդատենք, աւելի լաւ է. ճիշդ է թիւերնիս շատ շատ պակսեցաւ, բայց եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները կը գործեն, մշակութային եռուզեռ ալ կայ: Այդուահնդերձ, ժողովուրդը մտահոգ վիճակի մէջ է, ապագանիս մութ է, դիմացնիս չենք տեսնէր, լոյսի նշոյլ մը չկայ որ պիտի լաւանայ, խնդիրը այս է, եւ երթալով յոյսերնիս աւելի կը նուազի:

Կալուածներուն գիները շատ ինկած են, երբ մէկը կալուածը ծախու կը դնէ, չի ծախուիր, գինը կ'իջնայ, մարդը այլեւս կը յօժարի քառորդ գինով վաճառել եւ չի ծախուիր: Անգործութիւն է, բայց ստիպուած ենք  պայքարիլ  ու  գոյատեւել ...

 

-Հալէպի նահանգապետը խօսեցաւ Հալէպի օդակայանի վերաբացման հաւանականութեան մասին, նաեւ խօսեցաւ Հալէպ-Դամասկոս ցամաքային  գլխաւոր եւ հիմնական ճանապարհի վերաբացման մասին, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ իրականութիւնը:


Հալէպի նահանգապետին ըսածը իրականութիւն դառնալու համար դեռ երկար ժամանակ կ'ուզէ:  Հալէպի Միջազգային Օդակայանի վերաբացման թեման միշտ, տարին երկու երեք անգամ,  քննարկման նիւթ կ'ըլլայ, բայց, իմ կարծիքովս, դեռ ժամանակի կը կարօտի: Ինչպէս ըսի այս խնդիրը, համաձայնութեան կը կարօտի, եթէ Ռուսաստան եւ Թուրքիա համաձայնին, հաւանաբար  օդակայանը կը  վերաբացուի, հետեւաբար, այլապէս   այդ մէկը   դեռ երկար  ժամանակի կը կարօտի։