image

85 Քոնկրեսականներ Արցախի Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Կոչ Կ՛ընեն

85 Քոնկրեսականներ Արցախի Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Կոչ Կ՛ընեն

 Ուաշինկթըն- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ առաջնորդութեամբ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի եւ նոյն յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էլիըթ Էնկըլի, մօտաւորապէս 85 քոնկրեսականներ, ներառեալ՝ Ներկայացուցիչներու տան Ռազմական սպասարկութեանց, Յատկացումներու եւ Լրաքաղութեան յանձնախումբերէն բարձրաստիճան անդամներ, կոչ ըրած են Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ խաղաղութեան ի նպաստ յստակ քայլերու դիմէ, Արցախի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններուն վրայ բռնարարքները անյապաղ կասեցնելու նպատակով։Անցեալ ամիս Էտ Ռոյս եւ Էլիըթ Էնկըլ դիմած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքին՝ պահանջելով անոնցմէ, որ հայկական եւ ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած բռնարարքներուն հակադարձելու ընթացքին՝ «արհեստական հաւասարութիւն» չդնեն հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու վերաբերմունքին միջեւ:

85 քոնկրեսականները յոյժ մտահոգիչ համարած են յարձակումներուն աճը՝ շեշտելով, որ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու համար կենսական է հետեւեալ 3 քայլերուն որդեգրումը.

– Արձակազէններու հեռացումը շփման գիծէն.

– Յարձակումներու պատասխանատուն բացայայտելու նպաստող սարքերու տեղադրում՝ ԵԱՀԿի կողմէ.

– ԵԱՀԿի յաւելեալ դէտերու տեղադրում, զինադադարի խախտումները կասկեցնելու նպատակով։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դրուատեց քոնկրեսականներու այս քայլը։

Հայաստան եւ Արցախ արդէն իսկ համաձայն են այս քայերուն, սակայն Պաքու կը շարունակէ ընդդիմանալ անոնց։

Ատրպէյճանի բռնարարքները դատապարտելու արշաւին միանալու համար, այցելել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի http://anca.org/StopAliyev կայքէջը:

Քոնկրեսականներու նամակն ու անոնց ամբողջական ցանկը կարելի է կարդալ http://asbarez.com/141088 կայքէջին վրայ։  Նիւթի աղբիւրը ՝ «Ասպարէզ»