Ինչպէ՞ս գրել 27 Հոկտեմբերի մասին: Ո՞ր պատուհանէն նայիլ եւ ինչպէս բարձարանալ այդ վէրքի ամրոցը: 27 Հոկտեմբերը սովորական օր մը չէ, ու ինչքան այդ տարեթիւը հեռանայ, այնքան աելի պատասխանատու կը դառնայ մեր մօտեցումը: Հերոսին փառքը երգելը ամէնէն հեշտ գործն է: Ինկած հերոսին, զինուորին, սպարապետին, նուիրեալին մասին գրելը դժուարին արարք մը չէ: Եւ ատով կրնաս մասսանները հաւաքել բառի օճախին շուրջ: Խորքին մէջ չես ուզեր անտեսել կամ մոռնալ եղածին խորութիւնը: Բայց կը տատամսիս, ու կ'ընտրես ճանապարհներուն հեշտագոյնը: Վեր հանել 27 Հոկտեմբերին նահատակուածներուն բարձր արժէքները եւ հպարտանալ անոնց կերտած ճանապարհով: Մինչ այս բոլորը` պետականութեան մարմնին մէջ հանգչած կը մնայ այդ ծանր օրուան մեխը: Կովկասեան տարածաշրջանը այդ օրերուն լաւա էր: Անհանդարտ, արիւնով գրուած առօրեայով, ահագնացած ու կարմիր պատերազմով: Կար նաեւ քաղաքական առաձգական եւ նոր ճանապարհներ բանալու հեռանկարը: Այս բոլորի սեղմումին մէջ է, որ կը կատարուէր այդ ոճիրը եւ քաղաքական խորքով եղած սպաննութիւնը ցայսօր կը մնայ մութ ծալքերու մէջ: Ո՞վ էր մեղաւորը, եւ ինչո՞ւ տեղի պիտի ունենար այդ: Պատմութիւնը ամէնէն արդար օրինաչափն է: Ան է, որ կշռաքարերը իր տեղը պիտի դնէ եւ կ'օգնէ միանգամայն, որ հայոց պետականութեան մարմնէն դուրս գայ այդ արիւնոտ մեխը: Մեր սրբութիւնը պետականութիւնը պիտի ըլլայ: Ինչքան հաւատանք անոր, այդքան պիտի ամրանայ երթը այս հողին վրայ: Այս բոլորը բառացուցական չեն: Փաստելու համար չեն: Հայաստանը իր վէրքը շալկած քալեց 27 Հոկտեմբերէն ետք, որովհետեւ հաւատաց իր զաւակներու կամքին: Ան, որ կը հաւատայ կը հասնի: Ան, որ ստրկութեան շղթաները կտրեց եւ օսմանեան գերութեան ու ապա Սովետի լուծին հարուածներէն ոտքի ելաւ ու արիւնոտած այս հողին վրայ երկիր կառուցեց իրաւուք չունի պարտուած զգալու: Դառն է 27 Հոկտեմբերը, որովհետեւ անոր տուած հարուածը ներսէն էր:Մեր ընկրկման հիմնական պատճառը ներսէն եկած հարուածներն են: Փորձութեան, նահանջի, շուարումի պահերն են, որ կը մռայլեն մեր երկինքը: Պիտի յաղթէ մեր երկիրը: Կը յաղթէ եւ անպայման մեր մարմնէն դուրս կը հանէ Հայաստանի արդի պատմութեան ամէնէն ծանր թուականը: Հոկտեմբերը պետականութեան գաղափարին դէմ եղած գործողութիւն էր, եւ այդ մեխը անպայման դուրս պէտք է հանել Հայաստանի մարմնէն:
«Զիլ Խօսք»