image
Հրատապ լուրեր:

12 Տարի Առաջ Այս Օրը Սպաննուեցաւ Գուրգէն Մարգարեանը

12 Տարի  Առաջ  Այս Օրը  Սպաննուեցաւ  Գուրգէն  Մարգարեանը

12 Տարի  առաջ  այս օրը   Հունգարիոյ մէջ անարգ  ձեւով կը սպաննուէր   հայազգի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը:    ՆԱԹՕ-ի ծիրին մէջ եղող   «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագրի շրջանակներուն  մէջ   եղող դասընթացքի մը մասնակցելու  համար  Պուտափէշտ մեկնած Մարգարեան  կը սպաննուէր ազրպէյճանցի    Ռամիլ Սաֆարովի կացինի հարուածով:    Զինուորական համագործակցութեան ընդհանուր   ոլորտին  մէջ եղած աննախընթաց  այս սպաննութիւնը բողոքի  ծանր ալիք բարձրացուց Հայաստանի  եւ Սփիւռքի հայութեան մօտ: Ատելութեան   ֆոնին վրայ    յանցագործութեան հեղինակը   Ռամիլ Սաֆարով , որ  աւելի ուշ կը դատապարտուէր ցմահ ազատազրկման,  դրամական կաշառումի   դաւով   դէպքէն    6 տարի ետք   31  օգոստոս 2012-ին կ'արտայանձնուէր   Ազրպէյճանին  եւ կը հասնէր Պաքու: Նոյն օրը  Հայաստան իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները   կը խզէր Հունգարիոյ հետ:  Մտահոգիչը այն էր, որ Սաֆարովի նման   ոճրագործ մը   արժանի կը դառնար  պետական  մակարդակի   յարգանքի եւ ուշադրութեան: Ցայսօր       Գուրգէն Մարգարեանի    սպաննութեան դէպքը   բաց վէրք կը մնայ ամբողջ հայութեան համար: