image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ ընտրութիւններ. Դատական հայց բացուած է Անգարայի կանոնագրութեան դէմ

Պոլսոյ ընտրութիւններ. Դատական հայց բացուած է Անգարայի կանոնագրութեան դէմ

Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն թեկնածուներու նկատմամբ սահմանափակումներ մտցուցած պետութեան որոշման դէմ իսթանպուլահայ համայնքի խումբ մը քաղաքացիներ դատական հայց ներկայացուցած են։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ը,  իսթանպուլահայ քաղաքացիներու խումբը, որոնք իրենց կ'անուանեն «Հասարակական նախաձեռնութիւն», յայտնած են Թուրքիոյ ՆԳ նախարարութեան կողմէ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու հետ կապուած գայթակղային կանոնակարգի չեղարկման համար դատական հայց ներկայացնելու մասին:

«Հասարակական նախաձեռնութեան» տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Տեղապահ, Սրբազան Սահակ Մաշալեանին, Կրոնական ժողովի առաջնորդ, Սրբազան Արամ Աթէշեանին եւ «նախաձեռնող խումբին» մեր բազմաթիւ կոչերը արդիւնք չտուցին։ Ապագայ սերունդներու աչքերուն մէջ նայիլ կարողանալու եւ աւելի յուսալի ապագայ ունենալու համար ընտրութիւններու դադարեցման եւ պետութեան կանոնակարգի հետ կապուած իրաւական գործընթաց սկսած ենք»։

Նշենք, որ Թուրքիոյ ՆԳ նախարարութեան կողմէ Հայոց պատրիարքարան ուղարկուած կանոնակարգին մէջ նշուած է, որ ընտրութեան կրնան մասնակցիլ միայն  Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ենթակայ հոգեւորականները։