image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցի ընտանիք մը Լոնտոնի հրդեհին զո՞հ

Լիբանանցի ընտանիք մը Լոնտոնի հրդեհին զո՞հ

Լոնտոնի   մէջ ծագած հրդեհէն  ետք եւ մինչեւ այս պահը  լիբանանցի   ընտանիքի  մը անդամները   կը համարուին անյետացած: Այս մասին    հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Լիբանանի  ԱԳ  նախարարութիւնը՝  յայտնելով նաեւ, որ մինչեւ այս  պահը  Շուքէյր ընտանիքի անդամներուն  մասին տեղեկութիւններ չկան: Իր կարգին   լիբանանեան    կայանը չէ բացառած, որ     լիբանանցի արմատներ ունեցող   չորս անձերը    զոհ գացած են  Լոնտոնի «Կրինֆիլ» շէնքի  մէջ պատահած հրդեհին:   Հրդեհի  սկիզբը Շուքէյր  ընտանիքի տանտիկինը, մայրը ու երեք աղջիկները  կը գտնուէին շէնքին մէջ:  Տանտիկինը հեռաձայնով օգնութիւնը կը խնդրէ ամուսինէն: Ամուսինը՝  41 տարեկան Պասեմը կը հասնի եւ շէնք կը մտնէ ազատելու համար  ընտանիքին անդամները , որմէ ետք ոչ մէկ լուր իրենցմէ:  Աւելի ուշ    պարզ  դարձած է,  որ  կնոջ եղբայրը  բոլոր հիւանդանոցներուն մէջ  փնտռած է իր հարազատները, բայց՝ ապարդիւն:   Նոյն արդիւնքին հասած է  նաեւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, կապ հաստատելէ ետք, լիբանանեան դեսպանատան եւ այս հարցով զբաղող այլ պատասխանատուներու  հետ:

Նշենք, որ Լոնտոնի մէջ  պատահած հրդեհին հետեւանքով  զոհուած էին տասնեակ   քաղաքացիներ, իսկ հրդեհը արդիւնք  էր ելեքդրական  խանգարումի: