image
Հրատապ լուրեր:

«Բանաձեւը կարեւոր ազդակ է ԱՄՆ ծերակոյտին» ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան յայտարարութիւնը

«Բանաձեւը  կարեւոր ազդակ է  ԱՄՆ ծերակոյտին» ՍԴՀԿ  Կեդրոնական  Վարչութեան յայտարարութիւնը

Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւնը կ'ողջունէ ԱՄՆ ներկայացուցիչներու տան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամրագրող թիւ 296 բանաձեւի ընդունումը եւ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր այն ներկայացուցիչներուն, որոնք քուէարկեցին անոր ի նպաստ։

Պատմական այս բանաձեւը ոչ միայն կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան

փաստը, այլ ամբողջովին կը մերժէ Ցեղասպանութեան ժխտման որեւէ երեւոյթ կամ դրսեւորում: Ան կը մղէ ԱՄՆ վարչակարգը որդեգրելու քաղաքականութիւն՝ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման, ոգեկոչման եւ իրազեկման վերաբերեալ:

Բանաձեւի ընդունումը անտարակոյս արդիւնք է, մէկ կողմէն աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու եւ միւս կողմէն ամերիկահայ գաղութի քաղաքական կազմակերպուածութեան եւ տասնամեակներու վրայ երկարող աննահանջ աշխատանքին՝ դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ:

Լիայոյս ենք, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան այս վճռական քայլը ազդակ կը հանդիսանայ ԱՄՆ Ծերակոյտին, որ այնտեղ եւս որդեգրուի այս բանաձեւը եւ հասցնելով ԱՄՆ նախագահի ստորագրութեան անոր տրուի օրէնքի ուժ:

Այդպիսով, Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը վերջնականապէս դուրս կու գայ քաղաքական օրակարգէն եւ վերջապէս կը կարողանանք անցում կատարել մենք պահանջատիրութեան յաջորդ հանգրուանի՝ հատուցման ու վերականգնման կարեւորագոյն աշխատանքներուն:

Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւն

Հոկտեմբեր 29, 2019