image

Զ. Եսայեանի «Մելիհա Նուրի Հանըմ» Գործը՝ Թրքերէնով

Զ. Եսայեանի «Մելիհա Նուրի Հանըմ» Գործը՝ Թրքերէնով

Ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան յա­ռա­ջա­տար ա­նուն­նե­րէն Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի «Մե­լի­հա Նու­րի հա­նըմ» նո­րա­վէ­պը հրա­տա­րա­կուե­ցաւ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թեան կող­մէ։ Գիր­քը հա­յե­րէ­նէ թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նած է Մեհ­մէտ Ֆա­թիհ Ուս­լու։ Ե­սա­յեան իր այս նո­րա­վէ­պին մէջ կը պատ­մէ կնոջ մը մա­սին, որ Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն կը տա­րու­բե­րի եր­կու տղա­մար­դու հան­դէպ ապ­րած իր զգա­ցում­նե­րու մի­ջեւ։Զա­պէլ Ե­սա­յեան այս գոր­ծը 1920-ա­կան­նե­րու գրի ա­ռած է Փա­րի­զի մէջ։ Գոր­ծը ու­շագ­րաւ է այն հան­գա­ման­քով, թէ թուրք կեր­պար­ներ կը տո­ղան­ցեն այն­տեղ։Գիր­քին հե­րոս­ներն են Մե­լի­հա Նու­րի հա­նըմ, որ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար կա­մա­ւո­րա­պէս կը կա­տա­րէ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծա­ռա­յու­թիւն, բարձ­րաս­տի­ճան օս­մա­նեան դի­ւա­նա­կալ մը եւ հի­ւան­դա­նո­ցի գլխա­ւոր բժիշ­կը։ Ե­սա­յեան յան­ձին Մե­լի­հա Նու­րի հա­նը­մի, կը վեր­լու­ծէ կին ըլ­լա­լու դժուա­րու­թիւն­նե­րը՝ թէ՛ փո­փո­խուող ժա­մա­նակ­նե­րուն եւ թէ թուրք-օս­ման­ցի ընտ­րա­նիի մտա­պատ­կե­րին մէջ։Գոր­ծին մէջ կը նշմա­րուի նաեւ ա­նա­նուն հայ բժիշկ մը, ո­րու մի­ջո­ցով հե­ղի­նա­կը կ՚ու­րուագ­ծէ հայ­կա­կան տե­ղա­հա­նու­թիւնն ու ջար­դե­րը։ Հայ ժո­ղո­վուր­դին պա­տա­հած­նե­րուն նկատ­մամբ կեր­պար­նե­րուն բռնած դիր­քո­րո­շու­մը կը դառ­նայ բա­նա­լի մը ա­նոնց նե­րաշ­խար­հը հասկ­նա­լու հա­մար, միա­ժա­մա­նակ կա­րե­ւոր մեկ­նա­կէ­տեր կը հրամց­նէ ան, որ­պէս­զի հասկ­նանք Ա­ղէ­տին ար­տա­ցո­լու­մը թուր­քե­րու միտ­քին մէջ։«Մե­լի­հա Նու­րի հա­նըմ» կը դառ­նայ հա­յե­լի մը՝ բռնուած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը եւ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մար­դոց։