Ապստամբութիւնը, այնուամենայնիւ, կը ճնշուէր։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօրուան ուղերձին մէջ։
Փութին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ թշնամիները (Արեւմուտքը, Ուքրանիոյ իշխանութիւնները) կ'ուզէին, որ ռուս զինուորները իրար կրակեն, Ռուսիան պարտուի, իսկ հանրութիւնը՝ պառակտուի։
«Ապստամբութեան կազմակերպիչները դաւաճանելով իրենց երկիրը, իրենց ժողովրդը, դաւաճանեցին անոնց, որոնց ներքաշեցին յանցագործութեան մէջ, մոլորեցուցին անոնց, հրեցին կրակի մէջ»,-ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը։
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրաւապահ մարմիններուն ապստամբութեան դէմն առնելու համար, հանրութեան՝ աջակցութեան, հայրենասիրութեան համար։