Հրատապ լուրեր:

Յայտնի է Զելենսքի-Պայտըն հանդիպման թուականը

Յայտնի է Զելենսքի-Պայտըն հանդիպման թուականը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 21 սեպտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ կ'ընդունի Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։

Այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվան։

«Այս անոնց երրորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ, որ տեղի պիտի ունենայ ծայրայեղ կարեւոր շրջանի մը մէջ, քանի որ Ռուսիան Ուքրանիոյ դէմ դաժան պատերազմի համար օգնութիւն կը փնտռէ այնպիսի երկիրներէ, ինչպիսին է Հիւսիսային Քորէան»,- նշած է Սալիվան։

Ան նաեւ ըսած է, որ գալիք շաբաթ Միացեալ Նահանգները հնարաւոր է յայտարարէ Ուքրանիոյ օգնութեան նոր փաթեթ տրամադրելու մասին։