image

Յաճախ կը մոռնանք, որ ով աճեցուց եւ հոս հասցուց «քաղաքական իսլամը»

Յաճախ կը մոռնանք, որ  ով աճեցուց եւ  հոս  հասցուց «քաղաքական իսլամը»

 

 Սագօ  Արեան 

 

Այս մարդը. Այս մարդը, երէկ «Ալ Ճազիրա»ի եթերէն յայտարարեց, որ իր խօսքերը սխալ հասկցուած են, ու նաեւ յարեց, որ Ֆրանսայի պետութիւնը երբեք չի կանգնիր Մարգարէի ծաղրանկարները տարածողներու կողքին։ Ան նաեւ նշեց, որ իսլամները սխալ հասկցած են իր խօսքերը եւ իր խօսքի որոշ հատուածներ օգտագործումը առիթ տուած է լարուածութեան եւ հրահրումներու։
Սա հաւանաբար առաջին անգամը չէ, որ այս պարոնը նման ոճով կը խօսի, բայց յստակ է, որ սկսած է լաւապէս հասկնալ, որ իր առաջ տարած գիծը եւ «իսլամաֆոպիա»ն հրահրող մօտեցումները շատ թանկ պիտի նստին իր վրայ։
Անկախ այն հանգամանքէն, որ այս տիպի ղեկավարները յաճախ կը մոռնան, որ ով հրահրեց, ով աճեցուց եւ ով հոս հասցուց «քաղաքական իսլամ»ի դրոյթը, անոնք մարդկային ազատութեան քողին տակ կը հարուածեն նաեւ խաղաղ իսլամները, կամ այդ քաղաքակրթութեան կրողները։
Ընկալումս շատ պարզ է, իմ ազատութիւնս կ՚աւարտի այն կէտին վրայ, ուր ընթացք պիտի առնէ դիմացինիս ազատութիւնը։
Կրօնքի ազատութիւն, խիղճի, հաւատալիքի եւ նման ազատութիւններ յարգանքի եւ տիալոկի առիթ պէտք է հանդիսանան։
Իսկ Մաքրոն այս նախնական բաները չգիտնալով (կամ ալ չգիտնալ ձեւացնելով) վտանգի եւ թիրախի տակ կ՚առնէ, ոչ միայն իր աթոռը .. այլ նաեւ իր «առաջնորդած» երկիրը։
Կը տեսնենք այսօր, թէ ինչ մեծ տարողութեամբ ցոյցեր կը կատարուին ամբողջ
Աշխարհի մէջ թիրախ ունենալով Ֆրանսայի դեսպանատուները, մարդիկ յարձակման կ՚ենթարկուին, կը դաշունահարուին եւ ոտքի կոխան կը դառնան։
Միւս կողմէ ալ Մաքրոն իր սխալ մօտեցումով առիթ կ՚ուտայ, օրինակ Էրտողանի պէս մէկու մը, որ իսլամական զգացումներ հրահրէ եւ այդ «կատղած մասսա»ն օգտագործէ զուտ քաղաքական-բրակմաթիք յետին նպատակներով։
Իսլամը հասկնալու, իսլամը ընկալելու, իսլամին հետ ապրելու միջոցներ կա՞ն։ Այո կան։
Իսկ այն որ, եւրոպացիք արդէն «զզուած» են իսլամներէն, ատոր պատճառն ալ կայ, անոնց անտարբեր եւ «հիւրընկալ» վերաբերմունքն է, որուն առաջքն առնել այսօր Մաքրոնեան «ասպատակումներ»ով կամ «քաջ նազար»ութեամբ գրեթէ անհնար է, եւ կրնայ առիթ դառնալ մեծ բախումներու եւ նոյնիսկ աւերածութեան։
Խնդիրը լուծելու հազար ու մէկ ձեւ կայ, բայց Մաքրոն ընտրած է «ամբոխահաճոյ» ձեւը, ու մէկ ալ կը տեսնես, որ «գող սիրտը դող»ի հոգեբանութեան մէջ իյնալով եւ ըրածին ձախաւերութիւնը նկատելով ետ դարձ կ՚ընէ ու իսլամէն ներողութիւն խնդրելու կ՚ելլէ...
Այլ հարց, որ այդ իսլամը չի ներելու զինք ու ինք շատ թանկ պիտի վճարէ իր արարքներուն եւ անհեռատես մօտեցումներուն համար։

Այսքանէն ետք, կը կարծէ՞ք որ նոյն այս մարդը մեզի ու մեր դատին օգուտ մը պիտի կարողանա՞յ տալ, նոյնիսկ մէկդի դնելով իմ եւ իմ նման շատ-շատերու այն վարկածը, որ Արցախեան խնդրով անոր բոլոր տեսակի շաղակրատումները չեն անցնիր ձեւականի սահմանները։