Ռուսական ուժերը առաջ կը շարժին 4 ուղղութեամբ: Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Աննա Մալիարը։
«Ռուսական ուժերը կ'առաջանան քանի մը ուղղութիւններով՝ Ավտէեւսք, Մարինսքի, Լիմանսքի։ Ամէնուր թէժ է»։
Մալիարը նաեւ նշած է, որ շփման գիծի Զափորոժիէի հատուածին Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կը բախին ռուսական ուժերու «բուռն դիմադրութեան»։