6 Յունուարին իր մահկանացուն կնքած է Քուէյթահայ ազգային բարերար Մէլիք Մէլիքսէթեան: Այս մասին կը տեղեկանանք Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի Ֆէյսպուքի էջէն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հանգուցեալին թաղման կարգը պիտի կատարուի վաղը` 8 Յունուարի յետմիջօրէին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք, որ Մելիք Մելիքսէթեան ստացած էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ասպետի կոչում: