Լիբանան- Վաղը Անթիլիասի մայրավանքի մօտ պատրաստուած յատուկ տաղաւարին մէջ բացումը պիտի կատարուի Հայ Գիրքի Ցուցահանդէսին: Լիբանանի եւ Հայաստանի տասնեակ հրատարակաչատուներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք այս ցուցահանդէսը 36-րդ է իր տեսակին մէջ եւ այն կազմակերպուած է Կաթողիկոսարանի գրատան կողմէ: Յիշեցնենք, որ ցուցահանդէսը կը վայելէ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին բարձր հովանաւորութիւնը եւ ըստ ստացուած տեղեկութիւններուն Արամ առաջին հայրապետը այս առթիւ պատգամ մը պիտի փոխանցէ ներկաներուն: