image

Ծաղկազարդը Հալէպի եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ

Ծաղկազարդը Հալէպի եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ

Բերիոյ Հայոց Թեմը կը տեղեկացնէ, որ կիրակի, 20 մարտ 2016-ին, Հալէպի Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը պատշաճ շուքով, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ եւ հանդիսաւոր Ս. պատարագի մատուցմամբ, մանուկներու թափօրով եւ Դռնբացէքի արարողութեամբ նշուեցաւ:

Ծաղկազարդի Տօնին թելադրած աւանդութեանց համաձայն՝ մեր եկեղեցիներու մուտքերը զարդարուած էին արմաւենիի ճիւղերով, իսկ հաւատացեալները իրենց ձեռքերուն ունէին ձիթենիի ճիւղեր ու մոմեր:
Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանը օրուանն Խուրհուրդն ու պատգամը փոխանցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Քարոզի ընթացքին խաղաղութեան մաղթանքներ խնդրուեցան սուրիական հայրենիքին, ինչպէս նաեւ ապահովութիւն ու համբերութիւն՝ Սուրիոյ տագնապահար ժողովուրդին:
Պէտք է նշել, որ մարդիկ թէեւ սովորական իրենց ցնծութիւնը չզգացին, որովհետեւ երկրի անապահով վիճակը ծանր կը կշռէր ժողովուրդին, թէեւ մարդիկ տեղ մը ընտելացած են արդէն պատերազմական վիճակին, իսկ միւս կողմէ ալ հաւատքը կը շարունակէ ապրիլ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ քանի որ կենաքը կը շարունակուի: