image
Հրատապ լուրեր:

Տիարպէքիրի Մէջ Հունահռոմէական Շրջանի Առաջին Եկեղեցին Յայտնաբերուած

Տիարպէքիրի Մէջ  Հունահռոմէական Շրջանի Առաջին Եկեղեցին Յայտնաբերուած

Թուրքիա-      Քրտաբնակ Տիարպէքիրի մէջ    յունահռոմէական դարաշրջանին  կառուցուած  առաջին քրիստոնէական եկեղեցին յայտնաբերուած է: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ  թրքական «Անատոլու»  լրատուական  գործակալութիւնը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ «Զարզաֆան» բերդին   մօտակայքը գտնուող եկեղեցին       ծածկուած եղած է աւազային   շերտերու տակ:      Գործակալութիւնը այս առթիւ նաեւ զրուցած է    քաղաքի  համալսարանի հնագիտութեան բաժնի պետ՝ Իթաժ  Ժոշքանին     հետ: Վերջինս խօսելով յայտնաբերուած  եկեղեցիին մասին  ըսած է, որ     տաճարը    դէպի քրիստոնէացում  անցնող  այդ քաղաքին մէջ կառուցուած առաջին  եկեղեցին է: