image

Թուրքիա- Ռուսիա Իրավիճակը Աւելի Պիտի Բարդանայ. Լիբանանցի Վերլուծաբան

Թուրքիա- Ռուսիա   Իրավիճակը Աւելի Պիտի Բարդանայ. Լիբանանցի Վերլուծաբան

«Այսօր  գրանցուած  միջադէպէն ետք բնական է, որ  իրավիճակը նոր փուլ մը պիտի մտնէ»,-  այսօր  «Ալ Ժատիտ»  կայանին  ըսած է  լիբանանցի    վերլուծաբան  Ֆայսալ Ապտըլ  Սաթէր: Ապտըլ  Սաթէր, որ յայտնի է իր փրօ-ռուսական կեցուածքներով, նաեւ նկատել տուած է,  որ «Տակաւին կանուխ է  եզրակացութիւններու յանգիլ, սակայն եթէ    ճշդուի, որ    արարքը   Թուրքիոյ կողմէ   միտումնաւոր կերպով եղած է, ապա պարզ է, որ ռուսական կողմը  անպատասխան պիտի չձգէ զայն»:  Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութին  օդանաւի  դէպքին  հետ կապուած   ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան  Խորհուրդի արտակարգ նիստ պահանջած է: