Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ վերադարձած է ընկերային հարթակ՝ Ֆէյսպուք:
«Ես վերադարձած եմ»,- գրած է ան իր էջին, հրապարակելով նաեւ տեսահոլովակ, ուր ընտրողներէն ներողութիւն կը խնդրէ, որ ստիպած է անոնց սպասել։
2021-ին, Meta ընկերութիւնն արգելափակած էր Թրամփի օգտահաշիւները թուիթըրեան, ինսդըկրամեան եւ դիմատետրեան հարթակներուն՝ Քափիթոլիի վրայ յարձակման անոր դրական արձագանգի պատճառով։
Յետոյ այդ որոշումը չեղեալ համարուած էր։
Մինչ այդ յայտնի դարձած էր YouTube-ի Թրամբի օգտահաշիւի վերականգնումը։