image

Թեխնոլոկիական նոր կեդրոն բացուած է Վանաձորի մէջ

Թեխնոլոկիական նոր կեդրոն բացուած է Վանաձորի մէջ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուած է Վանաձորի թեխնոլոկիական կեդրոնի բացման արարողութեան: Կեդրոնի հիմնման ծրագիրը իրականացուած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ՝ «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր» հիմնադրամի միջոցով:  Կեդրոնի ներկայացուցիչները ՀՀ նախագահին ներկայացուցած են ՏՏ եւ ճարտարագիտական ոլորտներու ուսումնական տարրալուծարաները, սկսնակ խումբերու համար ստեղծուած համատեղ աշխատանքային տարածքը, մետաղամշակման ժամանակակից սարքաւորումներով յագեցած տարրալուծարանը, որ հնարաւորութիւն կու տայ նախատիպեր մշակել:

Կը նախատեսուի, որ Վանաձորի թեխնոլոկիական կեդրոնի գործունէութեան արդիւնքով կը ստեղծուին 150 ուղղակի եւ 1 000 անուղղակի աշխատատեղեր, տարեկան առնուազն 500 մասնագէտ կը վերապատրաստուի, տարեկան 50 խումբ եւ կազմակերպութիւն կը ստանան աջակցութիւն։