Լրագրող եւ Միւնիխի Հիմնարկի գիտաշխատող Թալին Սուճեան դասախօսութիւն մը կարդացած է Պոլսոյ մէջ: Այս մասին կը տեղեկանանք Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն: Թերթը նաեւ կը գրէ, որ Սուճեանի դասախօսութիւնը տեղի ունեցած է 5 Յունուարին՝ Պոլսոյ «Պատմութեան Հիմնարկ»էն ներս: Սուճեան, որ անցնող տարիներուն կը զբաղուի Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող թեմաներով, իր դասախօսութեան թեման ընտրած է «Թուրքիոյ մէջ հայեր. յետցեղասպանութեան հասարակութիւն, քաղաքականութիւն ու պատմութիւն» նիւթը ։ Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Սուճեանի նոյն խորագրով թէզ մը պաշտպանած է Միւնիխի «Լիւթվիկ Մաքսիմիլիըն» հիմնարկին մէջ եւ նոյն թէզը վերածուած է հատորի: Նախքան դասախօսութիւնը «Պատմութեան Հիմնարկ»ին անունով խօսք առած է թուրք մտաւորական Կիւվէն Օզթան: