image

Ճատրակի Ողիմպիական. Հայաստանի տղամարդոց Հաւաքականը դարձաւ փոխախոյեան

Ճատրակի Ողիմպիական. Հայաստանի տղամարդոց Հաւաքականը դարձաւ փոխախոյեան

Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ Երեքշաբթի օր իր աւարտին հասած Ճատրակի 44րդ Ողիմպիականի 11րդ եւ վերջին հանգրուանին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2.5-1.5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպանիոյ հաւաքականը, կէտերու չնչին տարբերութեամբ 2րդ դիրքին վրայ աւարտելով մրցաշարքը։ Ախոյեան հանդիսացաւ Իւզպէքիստանի կազմը։

Հայաստանի ընտրանիէն յաղթանակ տօնեց միայն Գաբրիէլ Սարգսեան, մինչ Մանուէլ Պետրոսեան, Ռոբերթ Յովհաննիսեան եւ Հրանտ Մելքումեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին։

Յիշեցնենք, որ 10րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը մրցեցաւ Ատրպէյճանի դէմ եւ յաղթեց մեծ առաւելութեամբ` 3-1 արդիւնքով:

Հայաստանի կանանց հաւաքականը իր վերջին մրցումին 2.5-1.5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Խրուաթիան, մրցաշարքը 12րդ դիրքին վրայ աւարտելով։