Սուրբ Ծննդեան Տօնը՝ Դամասկոսի մէջ (լուսանկարներ)

Սուրբ Ծննդեան Տօնը՝ Դամասկոսի մէջ (լուսանկարներ)

Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2016-ին, Սբ Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ Առաջնորդանիստ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Օրուայ պատարագիչն էր Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանը, Առաջնորդ Հայոց Դամասկոսի Թեմի: Սրբազան Հայրը Պատարագի ընթացքին յաւուր պատշաճի ընթերցեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սբ. Ծննդեան պատգամը:



 

Սբ. Պատարագին պատուաւոր ներկայութեամբ աղօթակից էին նաեւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Բնապահպանութեան հայազգի Նախարարուհի՝ Տիկին Նազիրա Սարգիսը եւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան Խորհրդական՝ Տիար Արշակ Յարութիւնեանը եւ բազմաթիւ Դամասկահայեր:



Յետ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալներ իրենց տուները տարին օրհնուած ջուրէն:

Դամասկոսի գաղութը այս տարի պատուուած էր ունենալով Սբ. Ծննդեան Ջրօրհնեաց երկու կնքահայրեր, յանձին՝ տիար Յակոբ Սեմերճեանի եւ տիար Համբիկ Չիլգէորգեանի:



 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը կնքահայրերը հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայացուց իբրեւ «Ընտանեկան կեանքի Պահապաններ»: Հարկ է նշել, որ տիարք Յակոբ Սեմերճեանն ու Համբիկ Չիլգէորգեանը Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմին պատճառով ստիպուած էին լքելու իրենց բնակարաններն ու աշխատանքը Հալէպի մէջ եւ հաստատուած են Դամասկոս: Սակայն, այդուհանդերձ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով, նոր կեանքի կը սկսին Դամասկոսի մէջ՝ ամուր եւ կառչած մնալով իրենց ընտանիքներու պահպանութեան:


Սուրբ Սարգիս Եկեղեցի - Դամասկոս