Երեքշաբթի 29 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն Ազունիէի հոգեւոր յանձնախումբը Ազգային բուժարանին իր ամսական այցելութիւնը կատարեց ծննդեան Ս. պատարագով եւ սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէքով, որուն ներկայ գտնուեցան բուժարանին մէջ գտնուող տարեցները:Պատարագէն ետք քահանայ հայրերը այցելեցին անկար տարեցներուն եւ բժշկութեան աղօթք մատուցեցին: Յիշեցնենք, որ յանձնախումբը իւրաքանչիւր ամսուան վերջին ուրբաթ օրը կ՛այցելէ բուժարան` Ս. պատարագ մատուցելու եւ ապա հաղորդութիւն բաշխելու տարեցներուն եւ հիւանդներուն: Նիւթի աղբիւրը ՝ «Ազդակ»: