image

«Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշան Դոկտ. Սեդա Տատոյեանին

«Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշան   Դոկտ. Սեդա Տատոյեանին

8 Նոյեմբեր 2015-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց մտաւորական Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Տատոյեանը:Ան 1981-1986 դասախօսած է Հայկազեան եւ LAU համալսարաններուն մէջ, 1986-2005՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, 2002-ին եւ 2006ին իբրեւ դասախօս հրաւիրուած է Նիւ Եորքի Գոլոմպիա Համալսարանի Արեւելեան Գիտութիւններու բաժանմունքին կողմէ, 2007-2010 դասախօսած է Սուրբ Ներսէս Ընծայարանին մէջ: 2010-ին Շիքակոյի Համալսարանէն ներս դասախօսած է Հայ-Իսլամական փոխ-յարաբերութեանց նիւթին շուրջ եւ 2011-ին դասախօս եղած է Երեւանի Պետական Համալսարանի երեք տարբեր բաժանմունքներէն ներս: Հայ թէ օտար գիտնականներու հաստատումով Դոկտ. Տատոյեանի «Ֆաթիմիական Հայերը» եւ եռահատոր «Հայերը Միջնադարու Իսլամական Աշխարհին Մէջ» գործերը, ամբողջովին նոր վերլուծումներ կը նկատուին, որոնք Միջին Արեւելեան միջավայրին մէջ կը վերբերեն հայոց պատմական փորձառութիւնը, յարաբերութիւններն ու դերը: Դոկտ. Տատոյեան հեղինակ է տասէ աւելի հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու:Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց Փրոֆ. Տատոյեանի լուրջ մտաւորականի, քննական ու վերլուծող մտքի արժանիքները: «Դոկտ. Տատոյեան հարցերը կը դիտէ ոչ սովորական մօտեցումով, երբ կը կարդաք իր գործերը հայեացքի նոր տեսակէտներ կան: Ըսուածները պարզապէս կրկնող ու համադրող չէ, այլ տարբեր դիտանկիւններէ կը փորձէ ուսումնասիրել եւ նորութիւններ բերել: Ան բազմաշնորհ անձ մըն է, անոր մտաւորական վաստակը բազմատարածք է՝ հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներէն սկսեալ մինչեւ իսլամագիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը անդրադաձաւ Դոկտ. Տատոյեանի հեղինակած ու խմբագրած երեք հատորներուն, որոնք կը վերաբերին մեր Սուրբ Աթոռին՝ The Contribution of the Armenian Church to the Christian Witness in the Middle East (Editor and Co-Author, Antelias, 2001), The Armenian Catholicosate from Cilicia to Antelias: An Introduction to the Political History (Antelias, 2003), The Armenian Catholicosate of Cilicia: History, Treasures, Mission (Antelias, 2015): Առ ի գնահատանք հայ մշակոյթին բերած անոր ներդրումին, իր խօսքի աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց Դոկտ. Սեդա Տատոյեանը: