image
Հրատապ լուրեր:

Սպաննուած է Չէչէններու «Ախմատ» խումբի ղեկավարը

Սպաննուած է Չէչէններու «Ախմատ» խումբի ղեկավարը

Մահացած է Տոնպասի մէջ կռուած «Ախմատ» յատուկ նշանակութեան ջոկատի հրամանատար Եւկենի Փիսարենքօն։ 

«Շնորհակալութիւն ծնողներին, որոնք դաստիարակած են նման հերոս: Փիսարենքօ Եւկենի Վալերիեւիչ - Աստուած օրհնէ ձեզ ու հանգչիս խաղաղութեամբ»,- գրած է ստորաբաժանման հրամանատար Ափթա Ալաուտինովն իր թելեկրամեան ալիքին:  

Ռազմական թղթակից Տմիթրի Քուլքօն նոյնպէս իր թելեկրամեան ալիքին գրած է Փիսարենքոյի մահուան մասին։ «Մեծն իմ հայրենակիցն էր, երկար տարիներ ծառայած է Սթաւրոպոլի Ոստիկաններու յատուկ նշանակութեան ջոկատի մէջ, ստացած՝ գնդապետի կոչում։ Երբ սկսաւ յատուկ գործողութիւնը, ան կամաւոր մեկնեցաւ ճակատ՝ պաշտպանելու Տոնպասի բնակիչները»,-ըսած է ան։