image
Հրատապ լուրեր:

Շուշիի մերձակայ տարածքներէն հանուած են որոշակի քանակի դիակներ. Արտակ Բեգլարեան

Շուշիի մերձակայ տարածքներէն հանուած են որոշակի քանակի դիակներ. Արտակ Բեգլարեան

Մեկնարկած է զոհուածներու մարմիններու փոխանակման գործընթացը՝ ՌԴ խաղաղապահ առաքելութեան համակարգմամբ, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան մասնակցութեամբ: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը իր համեստ ներդրումը ունեցած է տուեալներու նախնական հաւաքագրման ու մշակման եւ գործընթացին մէջ ընդգրկուած կառոյցներու միջեւ արդիւնաւէտ ու արագ կապի ապահովման գործին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեանը։

«Ուրախ եմ, որ արդէն կան յաջողութիւններ, եւ որոշակի քանակի մարմիններ դուրս հանուած են Շուշիի մերձակայ որոշ տարածքներէն: Յուսամ, որ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ բոլոր անյայտ կորածներու ճակատագրերը կը պարզուին եւ անոնք կամ գոնէ անոնց մարմինները կը հասնին իրենց հարազատներուն:

Կրկին իմ զօրակցութիւնը կը յայտնեմ բոլոր զոհուածներու հարազատներուն եւ կը հաւաստիացնեմ, որ անոնց հարազատը նաեւ իմ հարազատն է, անոնց ցաւը նաեւ իմ ցաւն է, անոնց հպարտութիւնը նաեւ իմ հպարտութիւնն է:

Պէտք է բոլորս ամուր ըլլանք եւ շարունակենք նահատակներու կիսատ թողած գործը՝ յանուն անոնց վառ յիշատակի ու Հայրենիքի յարատեւման»,- գրած է ան։