image

Շուրջ 60 հայ ընտանիքներ կը շարունակեն մնալ Հասաքէի մէջ.Աղբիւր

Շուրջ   60  հայ ընտանիքներ  կը շարունակեն մնալ Հասաքէի  մէջ.Աղբիւր

Հակառակ  ծանր մարտերուն, շուրջ   60  հայ ընտանիքներ կը շարունակեն  մնալ Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքին մէջ: Նշենք, որ  երկրի  հիւսիսային հատուածին եւ Գամիշլիի մօտ գտնուող  Հասաքէ աւանին մէջ անցնող երկու օրերուն  ծանր մարտեր տեղի   ունեցած էին, մէկ կողմէ  տեղի քրտական  ջոկատներուն եւ միւս կողմէ «Տիֆահ շահպի» անունով  յայտնի  կառավարամէտ ուժերուն  միջեւ: Մինչ   սուրիական բանակի օդուժը  երէկ հարուածած էր քաղաքի   քրտական ջոկատներուն  պատկանող  6 դիրքեր, ԱՄՆ կը յայտարարէր,  որ քիւրտերուն զօրակցելու  համար   յատուկ կործանիչներ   պիտի առաքէ: Այս բոլորէն  անդին «Արեւելք»  հետաքրքրուեցաւ Հասաքէ  ապրող հայ ընտանիքներու   իրավիճակով, եւ ըստ Գամիշլիի մեր աղբիւրին, տեղի հայերը       կը գտնուին ապահով  վիճակի  մը մէջ: Մեր աղբիւրը  նաեւ հաղորդեց, թէ   կարգ մը թաղամասեր, ուր  կ'ապրին նաեւ   հայորդիներ,   բեմադրավայր դարձած   են թաղային  ծանր  մարտերու: Քաղաքին մէջ կը տիրէ պատերազմական  իրավիճակ  եւ յառաջիկայ ժամերուն  աւելի յստակ  պիտի դառնայ տեղի  հայ համայնքին՝     Հասաքէյի մէջ մնալու կամ դէպի Գամիշիլի հեռանալու  որոշումը: Մեր աղբիւրը նաեւ  յայտնեց, որ Գամիշլիի Ազգային Առաջնորդարանի   տնօրինութեամբ կատարուած  են  յատուկ կարգադրութիւններ, որեւէ  արտակարգ դրութեան   համար եւ  անոնք  պատրաստ են ընդունիլ  Հասաքէյէն  հեռանալ ուզող հայորդիները եւ   կեցութեան  վայր  տրամադրել անոնց:  Յիշեցնենք,  որ  շուրջ  2 տարի մը առաջ, երբ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը  Հասաքէ մուտք գործեց, տեղի հայորդիները ստիպուած եղած  էին  շրջանէն  հեռանալ եւ ժամանակաւոր կայք հաստատել Գամիշլիի մէջ, որ  ցարդ կը համարուի աւելի ապահով  եւ  խաղաղ շրջան մը: