Անցեալ գիշեր ղարաբաղեան սահմանի բոլոր հատուածներուն մէջ հակառակորդը հրաձգային զինատեսակներէ եւ գնդացիրներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 70 անգամ, որուն ընթացքին հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1050 կրակոց: Գնդացիրներէ կատարուած խախտումներու մեծամասնութիւնը արձանագրուած է հարաւ-արեւելեան եւ արեւելեան հատուածներուն մէջ (աւելի քան 300 կրակոց): Այս մասին կը հաղորդէ ԼԶՀ ՊԲ մամլոյ ծառայութիւնը: