image
Հրատապ լուրեր:

Սա դաւադրութիւն է, որու նպատակն է աշխարհի երեսէն ջնջել Հայաստանը. Պրայըն Մէյ

Սա դաւադրութիւն է, որու նպատակն է աշխարհի երեսէն ջնջել Հայաստանը. Պրայըն Մէյ

 Հայաստանը մնացած է առանձին բռնապետութիւններու դէմ եւ կարիք ունի լիակատար աջակցութեան Արեւմուտքի կողմէ։ Instagram-ի իր էջին այս մասին գրած է բրիտանացի երաժիշտ Պրայըն Մէյ` անդրադառնալով 13 սեպտեմբերին Հայաստանի սահմաններուն Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման։

«Սա դաւադրութիւն է , որու նպատակն է աշխարհի երեսէն ջնջել այդ երկիրը։ Երկու օր առաջ Հայաստանի սահմանամերձ խաղաղ գիւղերը հրետակոծուեցին Ատրպէյճանի կողմէ։ Այդ յարձակման նպատակն էր ահաբեկել հայ ժողովուրդը ու ապակայունացնել երկիրը»,-գրած է Մէյ։

Ան նշած է, որ Հայաստանը փոքր երկիր է, որ չունի նաւթի կամ կազի պաշարներ։ Այն, Մէյի բնորոշմամբ, քրիստոնէութեան եւ ժողովրդավարութեան կղզեակ է, որ շրջապատուած է բռնապետական երկիրներով։

«Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն 1,2 մլն հայ սպանուեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Այդ վայրագ էթնիք զտման գործողութիւն էր, որ Թուրքիան կը հերքէ մինչեւ այսօր»,- նշած է Մէյ`աւելցնելով, որ Հայստանն այսօր կրկին սպառնալիքի տակ է։

Նշենք, որ Queen խումբի կիթառահար Պրայըն Մէյը սեպտեմբերի սկիզբը Երեւան էր «Սթարմուս» գիտութեան եւ արուեստի փառատօնին մասնակցելու նպատակով։