Ռուսաստանի ռազմական ոստիկանութիւնը շաբաթ օր` 14 նոյեմբերին, սկսած է պարեկութեան իրականացումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, յայտարարած է ՌԴ ՊՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Իկոր Քոնաշենքովը: Անոր խօսքով` պարեկութիւնը կ'իրականացուի «Հիւսիս» եւ «Հարաւ» պատասխանատւութեան գօտիներուն վրայ, կը յայտնէ «Ինթըրֆաքս»-ը:
11 նոյեմբերին, ՌԴ ՊՆ հրապարակած քարտէզներուն համաձայն` Ղարաբաղի ռուս խաղաղապահները կը տեղակայուին «Հիւսիս» եւ «Հարաւ» պատասխանատւութեան գօտիներուն վրայ: Առաջինը, մասնաւորապէս, կը ներառէ Ստեփանակերտ, Աղդամ եւ Լաչին բնակավայրերուն յարող տարածքները, երկրորդը` Տերտերի եւ Աղդամի շրջաններու հիւսիսային հատուածները եւ Մարդակերտ բնակավայրը:
Ռուս խաղաղապահները 12 դիտակէտ տեղակայած են Լեռնային Ղարաբաղ, իրավիճակը կը վերահսկուի շուրջօրեայ:
Ըստ Քոնաշենքովին` զինադադարի ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ողջ երկայնքով:
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը յայտնած է նաեւ, որ Ղարաբաղի ռուս խաղաղապահներու օգնութեամբ սկսած է զոհուածներու դիերու փոխանակումը: Այդ տեղի կ'ունենայ Շուշի բնակավայրի տարածքին մէջ, նշած է Քոնաշենքով: