image

Ռուսական ուղղաթիռները կ՚ուղեկցին դէպի Արցախ մեկնող շարասիւններուն

Ռուսական ուղղաթիռները կ՚ուղեկցին դէպի Արցախ մեկնող շարասիւններուն

Ռուսական Մի-8 եւ Մի-24 ուղղաթիռները ուղեկցած են դէպի Լեռնային Ղարաբաղ մեկնող խաղաղապահներու շարասիւներուն: Այս մասին շաբաթ լրագրողներուն յայտնած են Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«Ուղղաթիռային օդային ջոկատի օդաչուներ կատարած են «Էրեբունի» օդակայանէն դէպի Գորիս եւ Ստեփանակերտ երթուղիով ընթացող խաղաղապահ ուժերու շարասիւները պաշտպանելու եւ ուղեկցելու խնդիրները», - նշած է ռազմական գերատեսչութիւնը:

Ուղղաթիռները կը վերահսկեն կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադարեցումը հակամարտութեան գօտիին վրայ, ինչպէս նաեւ նիւթաարհեստագիտական գոյքի եւ անձնակազմի հսկողութիւն կ'իրականացնեն:

Աւելի վաղ ութ ուղղաթիռ Ան-124 «Ռուսլան» ռազմական փոխադրային օդանաւով հասցուած էր Երեւանի օդակայան:

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն յայտնած էր, որ ռազմափոխադրային օդանաւերը 3 օրուան մէջ 1103 զինծառայող եւ 168 միաւոր սարք տեղափոխած է Լեռնային Ղարաբաղ: