image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս փրկարարները 150 հազար ամերիկեան տոլար գտած են փլատակներուն տակէն

Ռուս փրկարարները 150 հազար ամերիկեան տոլար գտած են փլատակներուն տակէն

Ռուս փրկարարները 150 հազար տոլար գտած են Թուրքիոյ մէջ բնակելի տան փլատակներու տակ, տեղեկացուցած է Ռուսիոյ Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Ռուս փրկարարները որոնողափրկարարական աշխատանքներու ժամանակ Թուրքիոյ մէջ բնակելի տան աւերակներու տակ յայտնաբերած են խոշոր գումար։ Փլատակներու հերթական շերտը մաքրելու ժամանակ Ռուսիոյ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակիցները յայտնաբերած են կաթսայ՝ լեցուն 100 տոլարանոց թղթադրամներով։ Յայտնաբերուած դրամական միջոցները՝ 150 հազար տոլարի չափով, ստորագրութեամբ յանձնուած են տեղի ոստիկանութեան»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։