image

Ռիչըրտ Միլս կը շարունակէ մնալ ԱՄՆ դեսպանը Հայաստանի մէջ. Դեսպանատուն

Ռիչըրտ Միլս կը շարունակէ մնալ ԱՄՆ դեսպանը Հայաստանի մէջ. Դեսպանատուն

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս կը շարունակէ իր պաշտօնը վարել: Այս մասին, ըստ կը յայտնէ ԱՄՆ դեսպանատունը, անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահի փոփոխութեան հետ կապուած պաշտօնեաներու լիազօրութիւնները դադրեցնելու խնդրին:

ԱՄՆ դեսպանատան պարզաբանման մէջ կը նշուի.

«Դեսպան Միլսը կը շարունակէ մնալ ԱՄՆ դեսպանը Հայաստանի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու բոլոր դեսպանները կը համարուին երկրի նախագահի անձնական ներկայացուցիչը իրենց նշանակման երկրին մէջ եւ կը ծառայեն նախագահին: Ընդունուած փորձին համաձայն՝ այն դեսպանները, որոնք «քաղաքական պաշտօնեայ են, այսինքն դիւանագիտական ծառայող չեն, նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին հրաժարական կը ներկայացնեն:

Յիշեցնենք, որ երդմնակալութեան նախօրէին՝ նախագահ Թրամփի անցումային անձնակազմը տեղեկացուցած էր Օպամայի վարչակազմի քաղաքական պաշտօնեայ հանդիսացող դեսպաններուն, որ անոնց լիազօրութիւնները պիտի դադրին 20 յունուարի կէսօրին: Սակայն, Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու 70%-ը դիւանագիտական ծառայող են եւ չեն համարուիր քաղաքական պաշտօնեայ: Դեսպան Միլսը եւս դիւանագիտական ծառայող է: Դիւանագիտական ծառայող հանդիսացող դեսպաններէն հրաժարական չէ պահանջուած եւ անոնք կը շարունակեն պաշտօնավարել իրենց նշանակման վայրերուն մէջ»: