Թուրքիայէն Լիբանան ճամբայ ելած նաւուն վրայ գտնուած զէնքերը որսորդական զէնքեր են: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց LBCI կայանը: Աղբիւրը, որ խօսած է նաւուն լիբանանցի տիրոջ հետ, բացայայտած է, որ նաւը Լիբանան պիտի հասնէր ու ապա անոր վրայ եղած ուղեբեռը պիտի առաքուէր դէպի ափրիկեան երկիրներ: «Քուքի պոյ» նաւուն սեփականատէրը ՝ Քամալ Ալ Քաշէֆ նոյն աղբիւրին խօսելով վստահեցուցած է, որ իր նաւը թրքական Մէրսին ափէն ելլելով հասած է Լիմասոլ, ուր կլիմայական պայմաններու բերումով 3 օր մնալէ ետք ու քննութեան ենթարկուելէ ետք ճամբայ ելլած է դէպի Լիբանան: Ճանապարհին յունական ջուրերը հսկող մարմինները նաւը կանգնեցուցած եւ ձերբակալած են անոր վրայ եղող անձնակազմը եւ աւելի ուշ զանոնք ազատ արձակած: Նշենք, որ աւելի վաղ թրքական «Հապէրթուրք» եւ «Տողան» կայքերը, լուր փոխանցելով գրած էին, թէ Լիբանան մեկնող նաւը կը պարունակէր զէնք եւ զինամթերք յայտնելով նաեւ, որ զինամթերքը առգրաւուած էր Յունաստանի ծովային ապահովութեան մարմիններուն կողմէ: Հայկական աղբիւրներ եւս, առանց քննելու լուրին իրաւացիութիւնը, նոյնութեամբ իրենց կայքերուն վրայ տեղադրած էին թրքական աղբիւրներուն սխալ լուրը: Կը հաղորդէր նաեւ, թէ որսորդական զէնքերը պիտի ուղարկուէին թէ՛ Թոկո, Գամէրուն եւ Լակոս: