image
Հրատապ լուրեր:

Քուէյթի Հայ Եկեղեցւոյ Ֆութպոլի Խումբը Առաջին Դիրքը Գրաւեց

Քուէյթի  Հայ   Եկեղեցւոյ    Ֆութպոլի   Խումբը Առաջին Դիրքը   Գրաւեց

Ուրբաթ՝ 18 մարտին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ներկայ  եղած  են խումբ մը մարզիկ ախոյեաններ, որոնք անցնող ամսուան ընթացքին, մաս կազմած էին Քուէյթի Միջեկեղեցական Յանձնախումբի կազմակերպած ֆութպոլի մրցաշարքին:  Այս մասին  տեղեկութիւնը տրուած  է Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի ֆէյսպուքեան էջը, որ նաեւ կը փոխանցէ, թէ մրցաշարքը կազմակերպուած էր երկու մակարդակներով փոքրերու եւ պատանիներու խումբերով եւ երկու   մակարդակներու պարագային ալ Քուէյթի հայկական  եկեղեցւոյ  ֆութպոլի խումբը առաջին դիրքը գրաւած է: Այս առիթով, թեմի  առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ մարզական խումբի պատասխանատուներ, հաւաքուած են առաջնորդարանի «Արարատ» սրահը՝ շնորհաւորելու եւ քաջալերելու եկեղեցւոյ ախոյեան մարզիկները, որոնք խոստացան ամէն տարի իրենց մասնակցութեամբ բարձր պահել հայ եկեղեցւոյ անունը: