image

«Քաղաքական Աղբ»ը Բարի Լոզունքներով Չի Մաքրուիր

«Քաղաքական  Աղբ»ը  Բարի Լոզունքներով   Չի Մաքրուիր

 Պէյրութի   բողոքի  ցոյցերը կը շարունակուին հակառակ անոր, որ քաղաքացիական  աքթիւիսթները յայտարարած են իրենց հաւաքին աւարտին մասին:    Ցուցարարներուն  մէկ փոքր հատուածը     աղբ վառելով եւ   վարչապետարանին  շուրջ եղող փշաթելերը հանելով   կը  փորձէ    միաւորներ շահիլ:      Այդ ցուցարարները   նաեւ մտադիր են  նոր իրավիճակ պարտադրել    հասնելով ներկայ  կառավարութեան   հրաժարումի  պահանջին: Գետինը  կը  մնայ  ծայր  աստիճան  լարուած:   Բոլորը գիտեն, որ  յատկապէս   այս հանգրուանին   վարչապետ Սալամի  կառավարութեան  հրաժարական  տալը  «արգիլուած» է: Այո՛ արգիլուած է այն  «տէրերուն» կողմէ, որոնք    նախօրօք նշանակած էին   այս կառավարութիւնը, որպէսզի երկիրը  «պահպանուի»  նախագահի մը  բացակայութեան օրերուն: Այս բոլոր մեթոտները ձեւական չեն: Անոնք   կարեւոր պատգամներ կ'ուղղեն  իր սաղմէն նոր դուրս գալ փորձող քաղաքացիական շարժումներուն:  Աքթիւիսթները, որոնք  վեհ ու բարի  լոզունքներով փողոց կ'իջնեն  ինչպէս միշտ այս անգամ ալ  ցոյց  կու տան, որ   պատրաստ չեն մինչեւ վերջ երթալու իրենց  պահանջներուն  համար:  Ոչ միայն անոր համար,  որ կը սոսկան  այլ նաեւ   գիտեն, որ այլընտրանք չունին: Անոնք  կը մոռնան, որ   երկիրը   անօրինութեան  մատնելը,  ոչ միայն արգիլուած է  այլ նաեւ   կը  մոռնան, որ իրենք եւս    ճանապարհային քարտէս   մը չունին:  Այս բոլորէն անդին անոնք  մոռացութեան կու տան, որ    երկրի մը   մէջ տարիներու կուտակուած «քաղաքական աղբ»ը  սոսկ  վսեմ լոզունքներով  եւ բարի  գաղափարներով  չի  մաքրուիր:Վեհ  գաղափարներու  ժամանակը  անցած է մանաւանդ  Լիբանանի մէջ, ուր մնաց երբ խօսքը կը վերաբերի    քաղաքական աղբի  մը  մասին, որմէ կը սնուին Լիբանանի քաղաքական    բոլոր   կողմերը առանց բացառութեան: