image

Պրազիլիոյ Թեմը զօրակցութիւն յայտնած է «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման

Պրազիլիոյ Թեմը զօրակցութիւն յայտնած է «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման

Պրազիլիոյ Հայոց Թեմը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, յայտնելով իր զօրակցութիւնը «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման։

Այս մասին «Արեւելք» հարդաց Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրեան էջին հրապարակուած Հաղորդագրութեանէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Սիրելի՛ հաւատաւոր հայորդիք,

Հեռաւոր պրազիլահայոց թեմէն այս օրերուն ականատես կըլլանք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին, որ խորապէս մտահոգութեամբ կը լեցնէ իւրաքանչիւր հայրենասէրի սիրտն ու հոգին՝ ծնունդ տալով ճշմարտութեան եւ խաղաղասէր մարտիկի, որն այս պարագային իր ուսերուն վրայ վերցուցած է մեր հոգևոր եղբայր՝ Գրշ. Տ. Բագրատ Արքեպս. Գալստանեանը:

“Տաւուշը յանուն հայրենիքի” հոգևոր եւ ազգային շարժումը բնաւ չի պարունակեր անհնազանդութեան ոգի. անոր գլխաւոր նպատակը մեր նահատակ հերոսներու արեան գնով գծուած հայրենի մեր սահմաններու անառիկութիւնն ապահովելն է:

Միալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Հայ Եկեղեցւոյ բարձրադիր Գերագոյն Հոգևոր Խորհուրդի հրապարակած յայտարարութեանը, մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Աստուած եւ Հայրենիք գաղափարներով իրենց սիրտն ու հոգին լեցուցած մեր հոգևոր դասին եւ անոր բազմահազար հաւատացեալ քոյրերուն եւ եղբայրերուն:

Լիայոյս ենք, որ Ամենակարող Աստուած արժանավայել խաղաղութիւն պիտի պարգևէ հայրենի մեր սահմաններուն եւ սահմանապահ մեր զօրեղ ժողովուրդին:

Թող Տիրոջ սէրն ու մխիթարութիւնը յարատև ջերմացնէ ձեր սիրտերն ու հոգիները:

 

Ձեզ համար մշտապէս աղօթող՝

Նարեկ Եպիսկոպոս Պէրպէրեան
Առաջնորդ Պրազիլի Հայոց Թեմի