image
Հրատապ լուրեր:

Փրիկոժինի դէմ յարուցուած գործը կարճուեցաւ

Փրիկոժինի դէմ  յարուցուած գործը կարճուեցաւ

Եւկենի Փրիկոժինի դէմ յարուցուած քրէական գործը պիտի կարճուի, ան պիտի մեկնի Պելառուսիա: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

Թէ ինչով պիտի զբաղի Փրիկոժին Պելառուսիոյ մէջ, ան մանրամասնութիւններ չէ յայտնած։

Ինչպէս նշած է Փեսքով, Փրիկոժինի հետ կապուած իրավիճակը կարգաւորուած է առանց հետագայ կորուստներու եւ առանց լարուածութեան մակարդակի բարձրացման։

««Վակներ» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան պատրաստակամ քանի մը մարտիկներ պայմանագիրներ պիտի կնքեն պաշտպանութեան նախարարութեան հետ», - ըսած է Փեսքով։ 

Այս պարագային խօսքը  միայն անոնց մասին է, որոնք չեն մասնակցած այս օրուան գործողութիւններուն։