image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի Օդակայանը Իր Բնականոն Հունին Վերադարձաւ

Պէյրութի  Օդակայանը Իր Բնականոն Հունին Վերադարձաւ

Պէյրութի միջազգային օդակայանը   իր  բնականոն  հունին վերադարձաւ: Այս մասին այսօր յայտարարեց   հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախարար Ղազի  Զըհայթէր: Նախարարը նաեւ ըսաւ, որ    ռուսական ծովուժի  պատասխանատուներէն իմացած են    Միջերկրականեան ջուրերուն  մէջ     երկու օր առաջ սկիզբ առած զօրավարժութիւններուն աւարտին մասին եւ   այսօրուան առաւօտեան  ժամերէն սկսեալ Պէյրութի  «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան միջազգային օդակայանը   վերադարձած  է իր նախկին  բնականոն աշխատանքին: Նշենք, որ  լիբանանեան մարմիններ,  անսալով ռուս  ապահովական  մարմիններու  թելադրանքին,  թռիչքներու հետ կապուած  յատուկ կարգադրութիւններ    ըրած էին: